Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան, վաղը` կիրակի, 21 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին կազմակերպած Աքուաթլոնի 5-րդ տարեկան մրցումը:
Նշենք, որ երէկ արձանագրութեան վերջին օրն էր:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 99 մարզիկներ, որոնք կը մասնակցին տարբեր դասակարգի մրցումներուն` հետեւեալ ձեւով.
12 տարեկանէն վար, 13-18 տարեկան, 19-39 տարեկան, 40-49 տարեկան, 50 տարեկան եւ վեր:
Մասնակցողները մրցումի ազդանշանին վայրը պէտք է ըլլան առաւօտեան ժամը 6:30-էն 8:30:
Մրցումները պիտի սկսին հանգրուանային ձեւով` սկսելով առաւօտեան ժամը 8:40-էն:
Աքուաթլոնի մրցումները կ՛ընդգրկեն վազք եւ լողարշաւ:
Մրցումին մրցանակային ֆոնտն է 2000 ամերիկեան տոլար: