Իր մասնակցութիւնը բերելու համար լողարշաւի «Հեմիլթըն» միջազգային ախոյեանութեան, Նաժահ-Պէյրութ ակումբին մէկ պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Ինչպէս ծանօթ է, այս ամրան ընթացքին Նաժահ ակումբը, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արաբական ախոյեանութիւններուն ընդհանրապէս արձանագրեց փայլուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներ:
Պատուիրակութեան պատասխանատու եւ գլխաւոր մարզիչ Մոհամետ Սաքր յայտնեց, որ իր մարզիկները շատ լաւ պատրատուած են այս ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ միջազգային փորձառու լուղորդներ:



