Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ազգային հաւաքականը նախանցեալ օր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մակեդոնիան, որ նախքան այս պարտութիւնը կրելը կը մնար անյաղթ` իր արձանագրած երեք յաղթանակներուն շնորհիւ:
Այդ մրցումին յաջորդող օրը, հաւաքականին ֆութպոլիստները, իրենց ստորագրութիւնները կրող գնդակ մը յանձնեցին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահին Արթուր Վանեցեանին:



