«Մունտօ Տեփորթիւօ»-ի հրապարակած մէկ լուրին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնան կը քննարկէ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն վերադարձնելու հարցը:
Նէյմար, որ 222 միլիոն եւրոյի փոխարէն միացաւ ֆրանսական ակումբին, 2013-2017 տարեշրջաններուն մաս կազմած է Պարսային:
Վերոնշեալ պարբերաթերթը կը նշէ, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը զղջացած կը թուի ըլլալ Ֆրանսա տեղափոխուելուն համար:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Նէյմար աւելի նուազ ամսական ալ գանձելով պատրաստ է վերադառնալու Պարսելոնա:



