Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2018-ի կէս-մարաթոնի վազքի ախոյեանութիւնը (21,100 քմ)` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ վազողներ, որոնք մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներուն` ներկայացնելով տարբեր ակումբներ եւ միութիւններ:
Կէս-մարաթոնին ազդանշանը տրուեցաւ Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մուտքէն:
Վազողները ուղղուեցան դէպի Մաամըլթէյն, հոնկէ դէպի Տըպպայէ` ծովեզերեայ ճամբէն, ուրկէ վերադարձան մեկնարկին վայրը:
Այս կէս-մարաթոնի մեկնարկին ազդանշանը տուաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի այլ անդամներու, որոնց կարգին` Մարիա Գէորգեան:
Տղոց 16-17 տարեկան դասակարգին մէջ, Նարեկ Փանոսեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աթլեթիզմի ներկայացուցչական խումբին ապահովեց երկրորդութիւն մը, երբ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 40′ 57″ արդիւնք մը:
Այս դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Ժատ Շմէյսանի (Ֆինիքիա Սուր, 1 ժամ 24′ 12″՛), իսկ երրորդ` Ռաէտ Աուատա (Քալաաթ Պաալպեք, 1 ժամ 54′ 16″):
Տղոց գլխաւոր կէս-մարաթոնին տիրացաւ Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Հիւսէյն Աուատա (1 ժամ 14′ 26″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Բոլոր մրցանակակիրներուն մէջէն Նարեկ Փանոսեան հանդիսացաւ փոտիում բարձրացած միակ լիբանանահայը:
Կը շնորհաւորենք Նարեկը, ինչպէս նաեւ անոր ընտանիքը` անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ:




