Պարսելոնայի եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ դատարանին որոշումով 800 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Սեպտեմբեր 2017-ին Միւնիխի գիշերային ճաշարաններէն մէկուն մէջ ան շիշով հարուածած էր կռիւին մասնակցած անձի մը գլխուն:
Միջադէպին մասնակցած էր նաեւ Վիտալի եղբայրը, որ տուգանքի ենթարկուեցաւ 18 հազար եւրոյով:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, Վիտալ Պարսելոնայի հետ ամսական կը ստանայ 300 հազար եւրօ:



