Երէկ` հինգշաբթի, 18 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարգապահական կոմիտէին հերթական նիստը` կարգապահական կոմիտէի նախագահ Ռուբէն Սինոյեանի գլխաւորութեամբ:
Արարատի եւ Արարատ-Արմենիայի մրցումին, Արարատի համակիրներուն կողմէ ծխարձակ եւ հրավառ նիւթերու գործածութեան պատճառով եւ համաձայն ֆետերասիոնին կարգապահական կանոնագիրին 15-րդ յօդուածին 15-րդ կէտին, Արարատ ֆութպոլի ակումբը 30 հազար դրամով տուգանքի ենթարկուեցաւ:



