Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերոբ Աբրահամեան տիրացաւ ոսկի մետալի, հաշմանդամութիւն ունեցող մարզիկներուն գծով իր կատարած ճակատումին:
85 քկ դասակարգին մէջ, ան աւարտականին յաղթեց իր ռուս մրցակիցին:
Այսպիսով, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին: Առաջինին տիրացած էր Դաւիթ Դադիկեան` 90 եւ վեր քկ դասակարգին մէջ:



