Կազմակերպութեամբ «Թրայ Լեպանոն» միութեան եւ գործակցութեամբ Պաթրունի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ Պաթրունի Թրիաթլոնի 8-րդ միջազգային մրցումը: Անոր ազդանշանը տրուեցաւ «Սաուարի» մարզահամալիրին դիմացէն:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան երեք հարիւր երկսեռ մասնակիցներ` Լիբանանէն, Եւրոպայէն եւ արաբական երկիրներէն:
Բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն ներկայ էին Պաթրունի քաղաքապետութեան անդամները, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ` Պետիկ Լոճիկեան, տարբեր ֆետերասիոններու, ակումբներու, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ:
Տարբեր դասակարգերու եւ տարիքային խմբաւորումներու մէջ բազմաթիւ մարզիկներ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով գրաւեցին առաջնակարգ դիրքեր:
Առաջին հանդիսացաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Գէորգ Ալթունեան, որ լաւ ելոյթ ունեցաւ լողարշաւի, հեծելարշաւի եւ վազքի մրցումներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ բոլոր մրցանակներուն մրցանակաբաշխութիւնը:




