Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի Վեցերորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր վեցերորդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին), երբ 120-114 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրուքլին Նեթցի դաշտէն: Սթեֆըն Քարի Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 35 կէտ, մինչ Տանճելօ Ռասըլ (Նեթց)` 25 կէտ: Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, արձանագրեց 117-110 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) նշանակեց...

Լայսթըր Սիթիի Սեփականատէրը Զոհ Գնաց Ուղղաթիռի Արկածի Մը

Անգլիական «Փրեմիեր-լիկ»-ի խումբերէն Լայսթըր Սիթի պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ ակումբին սեփականատէրը` թայլանտցի գործարար Վիչայ Շրիվատհանափրապհա, նախորդ շաբաթավերջին զոհ գնաց ուղղաթիռի արկածի մը: Անգլիական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ ուղղաթիռի արկածի հինգ զոհերուն շարքին եղած են նաեւ անոր դուստրը, ակումբին թեքնիք տնօրէնը, երկու օդաչուները, մինչ հինգերորդ անձին ինքնութիւնը ցարդ կը մնայ անորոշ: Ան Լայսթըր Սիթիի սեփականատէրը դարձաւ 2010-ին: 2015-2016 տարեշրջանին անոր կազմը...

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն… Անզսպելի

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց տարեշրջանի իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 33 կէտերը: Գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխելի գլխաւորած կազմը իր այս յաղթանակը արձանագրեց «Վելոտրոմ»-ի դաշտին վրայ, ուր 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Մարսէյը: Ֆրանսացի Քիլիան Մպափէ (65-րդ) եւ գերմանացի Ժուլիան Տրաքսլըր (90+5) նշանակեցին Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին կոլերը: Այսպիսով,...

«Ֆորմիւլա-1». Լուիս Հեմիլթըն Հինգերորդ Անգամ Ըլլալով Աշխարհի Ախոյեան

«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն 5-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան, հակառակ անոր որ ան նախորդ շաբաթավերջին Մեքսիքայի «Կրան փրի»-ին (19-րդ հանգրուան) գրաւեց հինգերորդ դիրքը եւ ապահովեց 12 կէտ: Ախոյեանութեան աւարտէն 2 հանգրուան առաջ, ան ապահովելով 358 կէտ, դարձաւ անհասանելի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթելի նկատմամբ, որ այս կրան փրիին երկրորդ դիրքը գրաւելով ունեցաւ 294...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց 20-րդ Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս 96-72 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլիին Եւ Այսօր Ժամը 21:00-ին Կը Մրցի Օլիմփիի Դէմ

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց 20-րդ Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 96-72 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլիին Եւ Այսօր Ժամը 21:00-ին Կը Մրցի Օլիմփիի Դէմ

Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի 20-րդ ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան, եւ յստակացան քառորդ աւարտականի կազմերը: Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 96-72 արդիւնքով  պարտութեան մատնեց եգիպտական Ահլին: ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակուեցան հետեւեալ մարզիկներուն կողմէ. Ռեպեքքա Աքըլ (15 կէտ, 5 ռիպաունտ, 8 էսիսթ), Ռոնիքա Հոճզ (24 կէտ, 6 ռիպաունտ, 6 էսիսթ), Էրլանա Լարքինկ (21...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պիպլոս Մրցումը Ժամը 19:00-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր` ՀՄԸՄ - Պիպլոս մրցումով: Ժամը 19:00-ին սկսելիք այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, որ պիտի կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը: Ա. հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չկատարեց` խումբերուն անզոյգ ըլլալուն պատճառով:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ժունիէ – Մուժամահ Հարիրի` 51-57

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի տղոց երկրորդ խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի պասքեթպոլի 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, ֆետերասիոնին մօտ ներկայացնելով ՀՄԸՄ Ժիւնիէ մասնաճիւղը, երէկ իր կատարած մրցումին Մուժամահ Հարիրի (Սայտա)  ակումբին դէմ, պարտութիւն մը կրեց` 57 - 51 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սալամ - Ռմէյլը: ՀՄԸՄ-ի խումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ մարզիկները.- Ա շարք.- Նարեկ Ասատուրեան, Քարլօ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Իսլահ Պըրժ Շիմալիէն (4-2) Եւ Նահանջեց Նախավերջին Դիրք

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Սաֆայի մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ հիւրընկալեց Իսլահ Պըրժ Շիմալին, 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: ՀՄԸՄ, որ կրեց այս տարեշրջանին իր չորրորդ պարտութիւնը, նահանջեց 11-րդ եւ նախավերջին դիրքին` իր տրամադրութեան տակ ունենալով միայն 4 կէտ, առաւելագոյն 18 կէտէն: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեմի Պիայէ (6-րդ) եւ Խալետ...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Արթուր Շահինեան Լացուց Ազրպէյճանցի Ըմբիշը Եւ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ իր աւարտին մօտեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Շահինեան (87 քկ), պրոնզէ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին: Անիկա եղաւ Հայաստանի երկրորդ պրոնզ մետալը: Պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին ընթացքին հայ ըմբիշը 6-1 արդիւնքով հաստատ յաղթանակ մը արձանագրեց 22 տարեկան ազրպէյճանցի` Իսլամ Ապասովի դէմ: Այս ճակատումին աւարտին ազրպէյճանցին իր զայրոյթէն չկրցաւ զսպել իր արցունքները:...

Ծանրաբարձութիւն. Սիմոն Մարտիրոսեան` Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեան

Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերու փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան ոսկի մետալի մը տիրացաւ Լեհաստանի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան: 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գերծանր քաշային կարգին մէջ 21 տարեկան Մարտիրոսեան արձանագրեց 420 քկ (109+230) արդիւնք մը` 12 քկ-ով գերազանցելով արծաթ մետալի տիրացած վրացի Կէորկի Չեխէիցէին (183+225): Նշենք, որ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան հանդիսացած էր նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տաթեւ Յակոբեան, որ յաղթած էր 23...

Կռփամարտ. Նարեկ Աբգարեանի 11-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Մոսկուայի մէջ, շաբաթ, 27 հոկտեմբերին տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի մրցումի մը ընթացքին, Նարեկ Աբգարեան յաղթեց մեքսիքացի իր մրցակիցին` Էֆրէյն Փերես Լազարոյին, 8 ռաունտնոց այս մենամարտին հայ արհեստավարժ կռփամարտիկը, որ առաւելութեան հասաւ կէտերով, արհեստավարժ մրցասպարէզին վրայ կատարելով իր 11-րդ մենամարտը, արձանագրեց իր 11-րդ յաղթանակը: Ինչ կը վերաբերի Լազարոյին, որ իր կատարած 30 մենամարտին 19-ին յաղթանակ արձանագրած է, կրեց իր 11-րդ պարտութիւնը:

«Լա-Լիկա». Պարսելոնայի Տպաւորիչ Յաղթանակը` Քլասիքոյին (5-1). Ռէալ Մատրիտ` 9-րդ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի Քլասիքոյի ճակատումին, Պարսելոնա, որ իր դաշտին «Նուքամփ»-ի վրայ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտին, 5-1 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` առանց Լիոնել Մեսսիի (վիրաւոր): Մրցումին հաշիւը բացաւ Ֆիլիփ Քութինիօ (11-րդ), մինչ Լուիս Սուարեզ հեթրիք մը իրագործեց (30-րդ` փենալթիով, 75-րդ եւ 83-րդ): Պարսայի վերջին կոլը նշանակեց Արթուրօ Վիտալ (87-րդ), իսկ Ռէալի միակ կոլը` Մարսելօ (50-րդ): Իր...

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 10-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիվըրփուլ 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Քարտիֆի դէմ, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ: Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի եւ մրցումին առաջին կոլը (10-րդ): Հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Չելսի (2-րդ), որ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պըրնլիի դաշտէն: Քրիսթալ Փալաս - Արսենալ մրցումէն Արսենալ, որ հիւրը...

Քալչիօ. Ռոնալտօ Կերտեց Եուվենթուսի Յաղթանակը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Քալչիոյի 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Եուվենթուս, որ հիւրը եղաւ Էմփոլիի, շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ` 2-1 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Ֆրանչեսքօ Քափութօ նշանակեց Էմփոլիի եւ մրցումին առաջին կոլը (28-րդ), սակայն փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պատասխանեց երկու անգամով (54-րդ` փենալթիով եւ 70-րդ)` կերտելով իր կազմին այս յաղթանակը: 33 տարեկան Ռոնալտօ այսպիսով...

Պունտըսլիկա. Սալոմոն Քալուի Փենալթին Յաղթանակէ Մը Զրկեց Տորթմունտը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 9-րդ հանգրուանին, Պորուսիա Տորթմունտ, թէեւ մնաց ցարդ անպարտելի միակ խումբը, սակայն կորսնցուց երկու արժէքաւոր կէտ, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Հերթա Պերլինին հետ: Պորուսիա Տորթմունտ - Հերթա Պերլին մրցումէն Սալոմոն Քալու, որ նշանակած էր Հերթայի առաջին կոլը (41-րդ), մրցումին կորսուած վայրկեաններուն` 90+1, փենալթիով նշանակեց երկրորդը: Տորթմունտի երկու կոլերը նշանակեց Ժատոն Սանչօ (27-րդ եւ...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասի Երկրորդ Յաղթանակը Ֆահիսի Դէմ

Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցած Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 31 կէտի տարբերութեամբ` 84-53 արդիւնքով պարտութեան մատնեց յորդանանեան Ֆահիս խումբը: ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռեպեքա Աքըլ (22), ապա, յաջորդաբար` Ռոնիքա Հոճզ (18), Արլանա Լարքինս (12), Միրամար Մըքտատ, Շիրին Շերիֆ (8-ական), Մեղրի Թորոսեան (7), Լէյլա Ֆարես (6) եւ Սթեֆանի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ Վաղը` ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սաֆայի դաշտին վրայ, ժամը 14:15-ին: Ընդհանուր դասաւորման մէջ իր դիրքը բարելաւելու համար, ՀՄԸՄ-ի կազմը պէտք է անպայման յաղթանակ մը արձանագրէ, մինչ խումբին համակիրները` ուղղուելով դաշտ, պէտք է քաջալերեն իրենց կազմը: Նշենք, որ այս հանգրուանին...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ն Առանց Մեսսիի Եւ Ռոնալտոյի

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք ճակատումներուն բոլորին հայեացքները պիտի ուղղուին դէպի Սպանիա, ուր տեղի պիտի ունենայ Քլասիքոյի մրցումը` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Սակայն անիկա տեղի պիտի ունենայ առանց վիրաւոր Լիոնել Մեսսիի (Պարսելոնա) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի (Ռէալ Մատրիտէն տեղափոխուած Եուվենթուսի): Այլ հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, Մարսէյ, որ պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը, արդեօք պիտի յաջողի՞...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Ժունիէ – Մուժամահ Հարիրի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 28 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Ժունիէ կը մրցի Մուժամահ Հարիրիի դէմ: ԺԲ. խմբակին մէջ ներառուած այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սաժես Այն Սաատէի դաշտին վրայ, ժամը 14:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:  

Պասքեթպոլ. Անթուան Ղըրայյեպի Մրցաշարք. Մրցումները Սկսան 48 Խումբերու Մասնակցութեամբ

Զօրակցութեամբ Ժըտէյտի - Պաուշրիէ - Սատ քաղաքապետութեան եւ «Միշել Մըրի» անուան մարզական համալիրին տնօրէնութեան, սկիզբ առաւ Անթուան Ղըրայյեպի պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 48 խումբերու: Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Սփորթց - Մանիա ընկերութեան: Ստորեւ` արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները. 12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. Շանվիլ - Սպաքթ` 24-22 14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. Շանվիլ - Ռիպաունտ` 36-27 Նետիմ Սուէյտ...

Page 775 of 1278 1 … 774 775 776 … 1,278

Արխիւներ