«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Քաւալիրզ Ի Վերջոյ Յաղթական` Յաջորդական Վեց Պարտութիւններէ Ետք
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Աթլանթա Հոքսը, ի վերջոյ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 136-114 արդիւնքով, յաջորդական վեց պարտութիւններէ ետք: Մնացեալ ճակատումներուն այդքան ալ ուշագրաւ արդիւնքներ չարձանագրուեցան: Հիուսթըն Ռոքեթց կրեց իր հինգերորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն (104-85), մինչ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ հիւրը եղաւ Մեմֆիս Կրիզլիզին, կրեց իր վեցերորդ...



