Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 10-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիվըրփուլ 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Քարտիֆի դէմ, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 26 կէտ:
Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի եւ մրցումին առաջին կոլը (10-րդ):
Հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Չելսի (2-րդ), որ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պըրնլիի դաշտէն:

Արսենալ, որ հիւրը եղաւ Քրիսթալ Փալասին, բաւական մօտ էր յաղթանակ մը արձանագրելու, բայց 83-րդ վայրկեանին հիւրընկալ կազմը փենալթիով նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը: Կրանիթ Խաքա (52-րդ) եւ Փիեռ – Էմերիք Օպամեյանկ (56-րդ նշանակեցին Արսենալի կոլերը:
Նշենք, որ Քրիսթալ Փալաս իր առաջին կոլը եւս նշանակեց փենալթիով (45-րդ), դարձեա՛լ Լուքա Միլվոյեւիչի շնորհիւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին Արսենալի հետ դաշտ չներկայացաւ:
Արսենալ այժմ 22 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրընկալեց Էվըրթընը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:


