Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 28 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Ժունիէ կը մրցի Մուժամահ Հարիրիի դէմ:
ԺԲ. խմբակին մէջ ներառուած այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սաժես Այն Սաատէի դաշտին վրայ, ժամը 14:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:


