Անգլիական «Փրեմիեր-լիկ»-ի խումբերէն Լայսթըր Սիթի պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ ակումբին սեփականատէրը` թայլանտցի գործարար Վիչայ Շրիվատհանափրապհա, նախորդ շաբաթավերջին զոհ գնաց ուղղաթիռի արկածի մը:
Անգլիական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ ուղղաթիռի արկածի հինգ զոհերուն շարքին եղած են նաեւ անոր դուստրը, ակումբին թեքնիք տնօրէնը, երկու օդաչուները, մինչ հինգերորդ անձին ինքնութիւնը ցարդ կը մնայ անորոշ:
Ան Լայսթըր Սիթիի սեփականատէրը դարձաւ 2010-ին: 2015-2016 տարեշրջանին անոր կազմը հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Արկածին պատճառը բացայայտելու համար քննութիւնները կը շարունակուին բրիտանական իշխանութիւններուն կողմէ:



