Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերու փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան ոսկի մետալի մը տիրացաւ Լեհաստանի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան:
23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գերծանր քաշային կարգին մէջ 21 տարեկան Մարտիրոսեան արձանագրեց 420 քկ (109+230) արդիւնք մը` 12 քկ-ով գերազանցելով արծաթ մետալի տիրացած վրացի Կէորկի Չեխէիցէին (183+225):
Նշենք, որ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան հանդիսացած էր նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տաթեւ Յակոբեան, որ յաղթած էր 23 տարեկանէն վար 90 քկ դասակարգին մէջ:
Այսպիսով, Հայաստանի կազմը, որ աւարտեց իր ելոյթը Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան, տիրանալով 4 ոսկի, 5 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի, խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:



