Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ իր աւարտին մօտեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Շահինեան (87 քկ), պրոնզէ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին: Անիկա եղաւ Հայաստանի երկրորդ պրոնզ մետալը:
Պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին ընթացքին հայ ըմբիշը 6-1 արդիւնքով հաստատ յաղթանակ մը արձանագրեց 22 տարեկան ազրպէյճանցի` Իսլամ Ապասովի դէմ: Այս ճակատումին աւարտին ազրպէյճանցին իր զայրոյթէն չկրցաւ զսպել իր արցունքները:
Նշենք, որ 31 տարեկան Շահինեան պրոնզէ մետալին համար պայքարելու իրաւունք ստացած էր, որովհետեւ ուքրանացի Եան Փելենիուք ապահոված էր աւարտականին իր տոմսը:
Հայաստանի առաջին պրոնզ մետալը ապահոված էր Մաքսիմ Մանուկեան (82 քկ):



