«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր վեցերորդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին), երբ 120-114 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրուքլին Նեթցի դաշտէն:

Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 35 կէտ, մինչ Տանճելօ Ռասըլ (Նեթց)` 25 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, արձանագրեց 117-110 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) նշանակեց 23 կէտ:
Եութա Ճեզ յաղթեց Տալաս Մավըրիքսին (113-104), մինչ երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին (136-104):
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն, Միլուոքի Պաքս եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ (արեւելեան շրջան), որոնք ցարդ անպարտելի միակ երկու կազմերն են, արձանագրած են 6-ական յաղթանակ:
Անոնց ճիշդ հակապատկերն է նախորդ տարեշրջանի փոխախոյեանը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ,, որ բոլոր խումբերուն մէջ միակն ըլլալով իր կատարած վեց մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Աթլանթա Հոքս
Մայեմի Հիթ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Նիւ Եորք Նիքս – Պրուքլին Նեթց
Շիքակօ Պուլզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Միլուոքի Պաքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ


