Մոսկուայի մէջ, շաբաթ, 27 հոկտեմբերին տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի մրցումի մը ընթացքին, Նարեկ Աբգարեան յաղթեց մեքսիքացի իր մրցակիցին` Էֆրէյն Փերես Լազարոյին, 8 ռաունտնոց այս մենամարտին հայ արհեստավարժ կռփամարտիկը, որ առաւելութեան հասաւ կէտերով, արհեստավարժ մրցասպարէզին վրայ կատարելով իր 11-րդ մենամարտը, արձանագրեց իր 11-րդ յաղթանակը:
Ինչ կը վերաբերի Լազարոյին, որ իր կատարած 30 մենամարտին 19-ին յաղթանակ արձանագրած է, կրեց իր 11-րդ պարտութիւնը:



