Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց տարեշրջանի իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 33 կէտերը:
Գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխելի գլխաւորած կազմը իր այս յաղթանակը արձանագրեց «Վելոտրոմ»-ի դաշտին վրայ, ուր 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Մարսէյը:
Ֆրանսացի Քիլիան Մպափէ (65-րդ) եւ գերմանացի Ժուլիան Տրաքսլըր (90+5) նշանակեցին Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին կոլերը:
Այսպիսով, Փարիզ Սեն Ժերմեն կրկնեց Թոթենհամի հաստատած մրցանիշը: Վերջինս 1960-ին տարեշրջանը սկսած էր յաջորդական 11 յաղթանակով:
Մարսէյի կազմը, այժմ, 19 կէտով, կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ:



