Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի 20-րդ ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան, եւ յստակացան քառորդ աւարտականի կազմերը:
Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 96-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց եգիպտական Ահլին:
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակուեցան հետեւեալ մարզիկներուն կողմէ. Ռեպեքքա Աքըլ (15 կէտ, 5 ռիպաունտ, 8 էսիսթ), Ռոնիքա Հոճզ (24 կէտ, 6 ռիպաունտ, 6 էսիսթ), Էրլանա Լարքինկ (21 կէտ, 13 ռիպաունտ, 4 էսիսթ), Մեղրի Թորոսեան (13 կէտ, 3 ռիպաունտ, 3 էսիսթ), Միրամար Մըքտատ (16 կէտ 4 ռիպաունտ, 3 էսիսթ), Շիրին Շերիֆ (4 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Լէյլա Ֆարես (3 կէտ):
ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ եթէ մարզիկները դաշտին վրայ բացառիկ մրցում մը ունեցան, անդին, ողջունելի նախաձեռնութեամբ, դաշտին թրիպիւններուն վրայ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրները` Աղեքսանդրիայէն եւ Գահիրէէն եկած, անդադար քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ այս հարազատ մթնոլորտին մէջ Լիբանանի մէջ զգաց ինքզինք:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի այս փայլուն յաղթանակը` եգիպտական Ահլիին դէմ եւ կը յուսանք, որ այսօր եւս խումբը այլ յաղթանակ մը կ՛արձանագրէ դարձեա՛լ եգիպտական խումբի մը` Օլիմփիի դէմ, քառորդ աւարտականին մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երէկ հանգիստի օրն էր:
Վաղը` երեքշաբթի, տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները, իսկ չորեքշաբթի օր` աւարտականի մրցումը: