«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն 5-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան, հակառակ անոր որ ան նախորդ շաբաթավերջին Մեքսիքայի «Կրան փրի»-ին (19-րդ հանգրուան) գրաւեց հինգերորդ դիրքը եւ ապահովեց 12 կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտէն 2 հանգրուան առաջ, ան ապահովելով 358 կէտ, դարձաւ անհասանելի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթելի նկատմամբ, որ այս կրան փրիին երկրորդ դիրքը գրաւելով ունեցաւ 294 կէտ:
Առաջին դիրքը գրաւեց «Ռետ-Պուլ»-ի հոլանտացի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, իսկ երրորդ դիրքը` Քիմի Ռայքոնըն («Ֆեռարի», Ֆինլանտա):
Նշենք, որ տիտղոսներու քանակով Հեմիլթըն հաւասարեցաւ արժանթինցի Խուան Մանուէլ Փանճիոյին: Մրցանիշը կը պատկանի գերմանացի Միքայէլ Շումախըրին (7 տիտղոս):



