Ինչպէս երէկուան մեր էջով նշեցինք, Լիվըրփուլւի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ իր ակումբին հետ հեթրիք մը իրագործեց Փորթցմաութի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր-լիկ»-ի մրցումին (16-րդ հանգրուան):
Ան այսպիսով իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 42-ի, Անգլիոյ ախոյեանութեան գծով:
«Սքուավքա»-ի համաձայն, Սալահ այսպիսով նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ արագ կերպով անցաւ 40 կոլի սահմանը` 52 մրցումի ընթացքին:
Փորթցմաութի դէմ կատարուած մրցումին իր ունեցած բացառիկ խաղարկութեան պատճառով, Սալահ լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը յանձնեց իր խմբակիցին` Ճէյմս Միլնըրին, որ կատարեց իր 500-րդ մրցումը` «Փրեմիեր-լիկ»-ին ընթացքին:



