Արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթ ֆութպոլի ակումբը, իր պատմութեան մէջ չորրորդ անգամ ըլլալով (նախապէս` 1986-ին, 1996-ին եւ 2015-ին), տիրացաւ «Լիպերթատորես» ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ նախորդ շաբաթավերջին, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ (Մատրիտ, Սպանիա) տեղի ունեցած դարձի մրցումին (երթ` 2-2), երկարաձգումէն ետք 3-1 արդիւնքով յաղթեց պրազիլական Պոքա Ժունիորզին:
Սկզբունքով դարձի այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Արժանթինի մէջ, սակայն տեղւոյն համակիրներուն անկարգութիւններուն պատճառով անիկա տեղի չունեցաւ Պուէնոս Այրեսի մէջ:
Երկարաձգումի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան, Պոքա Ժունիորզ մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով:



