Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 8 դեկտեմբեր, երեկոյեան, ՀՄԸՄ Պէյրութ 9-1 արդիւնքով տապալեց Ժամհուրը:
ՀՄԸՄ Պէյրութի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սուրմէնեան(3), Էլիօ Պու Ղազալէ (2), Հայկ Խաչերեան, Ներսէս Խուվալճեան, Աւագ Պալապանեան, Խաչիկ Սերոբեան:
Այս մրցումը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին փոխարէն տեղի ունեցաւ Յիսուսեան հայրերու համալսարանին մէջ (Մանսուրիէ)` նկատի ունենալով, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզադաշտը նորոգութեան ընթացքի մէջ է:


