Տեմպելէ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Պարսելոնայի Կողմէ
«Լ՛Էքիփ» կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ 100 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ խումբին կատարած փորձերուն ուշացած ներկայանալուն համար: Նշուեցաւ, որ Էսփանիոլի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0) յաջորդ օրը, 21 տարեկան ֆութպոլիստը 2 ժամ ուշացումով եկած է փորձերուն` պատճառաբանելով, որ քնացած մնացեր է: Պարսա նշեց, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի ուշացում կ՛ըլլայ Տեմպելէի կողմէ: Այս տարեշրջանին ան...


