Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան այս շաբաթավերջին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս հանգրուանի իր մրցումը կատարեց Ժունիէի, «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, երէկ` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Իժթիմահիի դէմ, եւ 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ:



