Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը Պաուշրիէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց ժողով մը Ա. դասակարգի ակումբներուն հետ` 2018-2019 տարեշրջանի ազդանշանին տրուելէն ամիս մը առաջ:
Նոր տարեշրջանը պիտի սկսի 12 յունուար 2019-ին պաշտօնական բացումով մը Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Սփիտ-պոլի (Շեքքա) դաշտին վրայ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա ժողովականներուն ներկայացուց ախոյեանութեան գծով որոշ տեղեկութիւններ եւ յոյս յայտնեց, որ նոր տարեշրջանը պսակուի յաջողութեամբ:
 
			


