Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպէն:
Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի աղջիկները մրցումը աւարտեցին, հետեւեալ արդիւնքով` 114-29 (35-8, 23-7, 22-8, 34-5):



