Շուրջ ամսուան մը դադարէ ետք, այսօր` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին կը վերսկսի Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութիւնը, երբ 5-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետին:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սաֆատի մարզադաշտին վրայ (Թրիփոլի):
ՀՄԸՄ, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, կը հանդիսանայ միակ խումբը, որ ցարդ անպարտելի է, իսկ Հուփս միակ խումբն է, որ ցարդ չէ յաջողած յաղթանակ արձանագրել:
ՀՄԸՄ-էն կ՛ակնկալուի այսօր ամէն գնով յաղթանակով վերադառնալ Թրիփոլիէն:


