Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ժամհուրի դէմ:
Այս մրցումը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին փոխարէն պիտի կատարուի Յիսուսեան հայրերու համալսարանին մէջ (Մանսուրիէ)` նկատի ունենալով, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզադաշտը նորոգութեան ընթացքի մէջ է:


