Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս հանգրուանի իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 9 դեկտեմբերին, երբ կը մրցի Իժթիմահիի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել, իսկ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


