Քոլոմպիոյ արեւմուտքը գտնուող Եոթոքօ շրջանին մէջ, փոխադրակառքի մը արկածը պատճառ դարձաւ պասքեթպոլի արհեստավարժ խումբի մը 13 մարզիկներուն մահուան, յայտնեց տեղական մամուլը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 20 ուրիշ մարզիկներ վնասուածքներ ստացան եւ տեղափոխուեցան հիւանդանոց:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, արկածը կրնայ ըլլալ արգելակներու հետ կապուած հարց մը, սակայն հետաքննութիւնները կը շարունակուին:



