9 դեկտեմբերին նախկին Միքա մարզադաշտին վրայ կը սկսի «Ֆութպոլ Պիզնըս Լիկա»-ի Գ. մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 խումբեր:
Այս խումբերուն կարգին է նաեւ Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը:
Խումբը, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ «Ֆասթ Քրետի»-ն, Մարիանան, Պարսիսը եւ «Եունիպանք»-ը:
Իսկ Ա. խմբակին մաս կը կազմեն «Կրանտ Սփոր», «Կրանտ Թոպաք», «Եուքոմ», «Ալֆա-Ֆարմ», Նոր Զովք եւ «Իմեքս կրուփ»:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներէն ետք կը կատարուին փլէյ-օֆի մրցումները:



