Եուվենթուսի Միջնապահը Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին Եուվենթուսի միջնապահ Խուան Քուատրատօ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան մը, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան ձախ ծունկէն վնասուածք ստացած էր եւ պէտք էր անպայման այդ վիրաբուժութիւնը կատարէր: Նախապէս բժիշկները ըսած էին, որ վիրաբուժութեան կարիքը չկայ...





