Ինչպէս ծանօթ է, Սաժես ակումբը կը գտնուի իր դժուարին օրերուն մէջ եւ անիկա պառակտուած վիճակ մը կը պարզէ:
Անոր վարչութեան անդամները հրաժարած են, եւ տեղի պիտի ունենան նոր ընտրութիւններ:
Այսօր` ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Ալեքսանտր» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) պիտի տրուի մամլոյ ասուլիս մը:
Էլի Եահշուշի, որ կ՛ուզէ ընտրուիլ նախագահ, հրապարակեց իր ընտրական ցանկը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.
Ժորժ Պարաքեթ, Քամիլ Սաատէ, Սամիր Սալեհ, Տենի Շըրապիէ, Ռամի Շիտիաք եւ Էլի Ռըշտան:
Նոր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 5 յունուար 2019-ին:


