Մարզական

«Քալչիօ».  Ռոնալտօ Իր Կազմը Փրկեց Պարտութենէ Մը

«Քալչիօ». Ռոնալտօ Իր Կազմը Փրկեց Պարտութենէ Մը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 18-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Եուվենթուս Աթալանթայի դաշտին վրայ պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ 78-րդ վայրկեանին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվէի հաւասարութեան կոլը (78-րդ): Անոր խմբակից Պենթանքուր 53-րդ վայրկեանի կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ինթեր Միլան մրցումին վերջին վայրկեանին 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նափոլիին, որ մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով, երբ 81-րդ եւ 91-րդ վայրկեաններուն օրուան իրաւարարը 2...

«Էն. Պի. Էյ.».  Նեթց Երկրորդ Երկարաձգումէն Ետք Յաղթեց Հոռնեթցի

«Էն. Պի. Էյ.». Նեթց Երկրորդ Երկարաձգումէն Ետք Յաղթեց Հոռնեթցի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Քլիվլենտ Քաւալիրզ կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ Մեմֆիսի մէջ, դաշտին տիրոջմէն` Կրիզլիզէն, 95-87 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Մարք Կազոլ նշանակեց 20 կէտ: Սփենսըր Տինուիտի Պրուքլին Նեթց երկրորդ երկարաձգումէն ետք երկու կէտի տարբերութեամբ` 134-132 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Շարլոթ Հոռնեթցին: Նեթցէն Սփենսըր Տինուիտի նշանակեց 37 կէտ, մինչ պարտուած խումբէն Քեմպա...

«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի Կողմէ. Սերենա Ուիլիըմզ Ընտրուեցաւ Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատուական գործակալութիւնը 2018 տարուան լաւագոյն մարզիկը ընտրեց ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզը: Ան հինգերորդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: 2018-ին թենիսի դաշտերը վերադառնալով ան հասաւ Ուիմպըլտընի եւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերու աւարտական հանգրուաններուն: Վերոնշեալ գործակալութեան խմբագիրներուն կողմէ ան ապահովեց 93 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի մարմնամարզուհի Սիմոնա Պէյլզ (68 կէտ), իսկ եռեակը ամբողջացուց կին պասքեթպոլիստ...

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Փոխարինեց Վոնտրուշովան

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Մարկարիթա Գասպարեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յունուար 2019-ին նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունենալիք Օքլենտի թենիս միջազգային մրցաշարքին, յայտնեց Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան պիտի փոխարինէ չեխ Մարթետա Վոնտրուշովան: 24 տարեկան Գասպարեան 2018 թուականին «Տապըլիու. Թի. Էյ.»-ի միջազգային դասաւորումը աւարտեց 92-րդ դիրքին վրայ: Ծանր վնասուածքի եւ երեք վիրաբուժութիւններու պատճառով ան 2018-ին չորս ամիս բացակայեցաւ դաշտերէն:...

Պասքեթպոլ.  «Քրետի Լիպանէ» Յաջորդաբար 2-րդ Տարին Ըլլալով «Պան-Քօ» Մրցաշարքին Տիտղոսակիրը

Պասքեթպոլ. «Քրետի Լիպանէ» Յաջորդաբար 2-րդ Տարին Ըլլալով «Պան-Քօ» Մրցաշարքին Տիտղոսակիրը

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իր աւարտին հասաւ «Պան-քօ» տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը, որուն աւարտական ճակատումը տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ): Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, «Քրետի Լիպանէ» դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին` աւարտական մրցումին 58-53 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին: Տիտղոսին տիրանալէ բացի, յաղթական կազմը ստացաւ օդանաւի 13 տոմսակ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Տուպայի մէջ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 65-57 Արդիւնքով Յաղթական Վերադարձաւ Ռիատիի Մանարայի Դաշտէն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումը կարեւոր էր` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ ցարդ կը մնային անպարտելի միակ երկու խումբերը: Սակայն երէկուան այս մրցումէն ետք միակ անպարտելի խումբը մնաց ՀՄԸՄ Անթիլիաս,...

Գագիկ Ծառուկեան Պարգեւատրեց Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկները

Գագիկ Ծառուկեան Պարգեւատրեց Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկները

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան 25 դեկտեմբերին ողիմպիական աւանին մէջ պարգեւատրեց Հայաստանի տարուան լաւագոյն մարզիկները: Նախապէս որոշուած էր, որ այս տարի պիտի պարգեւատրուին ոչ թէ Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկները, այլ միայն` ողիմպիականի ախոյեանները, մետալակիրները եւ Եւրոպայի ախոյեանները: Պարգեւատրուողներուն կարգին եղան Սիմոն Մարտիրոսեան (ծանրաբարձութիւն, աշխարհի ախոյեան), Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ, Եւրոպայի ախոյեան), Գոռ Մինասեան (ծանրաբարձութիւն, աշխարհի փոխախոյեան), Մաքսիմ Մանուկեան (ըմբշամարտ,...

Եուրա Մովսիսեանը` 2018-ի Ամէնէն Արագ Հեթրիքի Հեղինակ

«Նոթլիսիուք» ներկայացուց 2018-ին կատարուած ամէնէն արագ հեթրիքները: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի հեթրիքը: Ճիպրալթարի դէմ տեղի ունեցած «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուած մրցումին, 31 տարեկան Մովսիսեան իր հեթրիքը իրագործեց 5 վայրկեան եւ 51 երկվայրկեանի ընթացքին (48-րդ, 52-րդ եւ 54-րդ): Հայրենի կազմը այդ մրցումին յաղթեց 6-2 արդիւնքով: Նշենք, որ նախքան այդ հեթրիքը, Մովսիսեան...

Հայկական Ֆութպոլ. Արթուր Պետրոսեան Պիտի Աշխատի Հայաստանի Բարձրագոյն Դասակարգին Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան գլխաւորեց Վանաձորի Լոռին, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 46 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը եւ ունի երկարաձգուելու կարելիութիւն: Ան նախապէս գլխաւորած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը` նոյեմբեր 2016-էն մինչեւ ապրիլ 2018: Իսկ իբրեւ ֆութպոլիստ ան Հայաստանի հետ կատարած է 69 մրցում (1992-էն 2004) եւ նշանակած 11 կոլ: Ան...

Ռոնալտօ Նուէրներ Բաժնեց Թորինոյի Մանկական Հիւանդանոցի Փոքրիկներուն

Եուվենթուսին մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելելով Թորինոյի մէջ գտնուող Ռեճինա Մարկարիթա մանկական հիւանդանոցը, նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն: 33 տարեկան ֆութպոլիստը հոն գտնուող հիւանդապահներուն հետ շրջագայեցաւ հիւանդանոցին զանազան բաժանմունքները, տեսակցեցաւ փոքրիկներուն հետ, անոնց հետ լուսանկարուեցաւ եւ տօնական այս օրերուն առիթով անոնց մաղթեց առողջութիւն:

«Էն. Պի. Էյ.».  Լէյքըրզ Յաղթական Վերադարձաւ Գործող Ախոյեան Ուորիըրզի Դաշտէն (127-101)

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթական Վերադարձաւ Գործող Ախոյեան Ուորիըրզի Դաշտէն (127-101)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ հանդիպումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ բաւական կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դաշտէն` 127-101 արդիւնքով: Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 20-րդ յաղթանակը, մինչ Ուորիըրզ կրեց իր 12-րդ պարտութիւնը: Քիրի Ըրվինկ Պոսթըն Սելթիքս երկարաձգումէն ետք 121-114 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 40...

«Ֆրանս Ֆութպոլ». Քիլիան Մպափէ` 2018-ի Ֆրանսայի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ Քիլիան Մպափէ, որ նախորդ 20 դեկտեմբերին նշեց իր ծննդեան 20-րդ տարեդարձը, ճանչցուեցաւ 2018-ի Ֆրանսայի լաւագոյն ֆութպոլիստը` աշխարհահռչակ «Ֆրանս ֆութպոլ»-ի կողմէ: Լաւագոյն եռեակին մէջ են նաեւ Ֆրանսայի հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած մարզիկներ` յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան (Ռէալ Մատրիտ) եւ յառաջապահ Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ): 2018-ին Մպափէ իր...

Հենրիխ Մխիթարեան Իր Փորձերուն Կը Սկսի Փետրուար 2019-ին

Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեան, որ ունի աջ ոտքի մէկ ոսկորի կոտրուածք, իր փորձերուն պիտի սկսի փետրուար 2019-ին, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ 19 դեկտեմբերին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, վաղը` չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի Սաէպ Սալամ մարզադաշտին վրայ, սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Երկու կազմերն ալ ցարդ անպարտելի են եւ ապահոված առաւելագոյն 12 կէտը: Իր ունեցած աւելի լաւ կոլէվըրէյճին շնորհիւ,...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն.  Ռիատի Պէյրութ 10 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ 10 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Կիրակի, 23 դեկտեմբերին Շանվիլի ակումբին մէջ (Տիք Մըհտի) տեղի ունեցաւ Լիբանանի 10 տարեկանէն վար տղոց տարիքային ախոյեանութեան աւարտական մրցումը: Ռիատի Պէյրութ տիրացաւ տիտղոսին` 63-50 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հուփսին: Իսկ երրորդ դիրքի մրցումին, Ֆենիսիա Պրէյզըրզ 57-38 արդիւնքով յաղթեց Սքուատրային: Այս մրցումներուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները` գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլի: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Մարզիչի Եւ Մարզիկի Ընտրութիւն.  Փիցելլի Կէտերու Մեծ  Տարբերութեամբ Գերազանցեց Մխիթարեանը Եւ Արժանացաւ Տիտղոսին

Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Մարզիչի Եւ Մարզիկի Ընտրութիւն. Փիցելլի Կէտերու Մեծ Տարբերութեամբ Գերազանցեց Մխիթարեանը Եւ Արժանացաւ Տիտղոսին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ` երկուշաբթի, 24 դեկտեմբերին, ամփոփեց տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի եւ տարուան լաւագոյն մարզիչի քուէարկութեան արդիւնքները: Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ղազախական Աքթոպէի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ այսպիսով եկաւ ընդհատելու յառաջխաղացքը Հենրիխ Մխիթարեանի, որ վերջին եօթը տարիներուն ընտրուած էր եւ տիրացած այս տիտղոսին: 34 տարեկան Փիցելլի առաջին անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ այս պատիւին: Ան Ղազախստանի ֆութպոլի աւարտած...

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան Պրոնզէ Մետալի Տիրացաւ Տոհայի Մէջ

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր Անդրանիկ Կարապետեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Տոհայի մէջ տեղի ունեցած Քաթարի բաժակի վարկանշային միջազգային մրցաշարքին, յաջողեցաւ 81 քկ դասակարգին մէջ տիրանալ պրոնզ մետալի մը: Հայրենի ծանրաբարձը երկամարտին, արձանագրեց 341 քկ արդիւնք մը (161 եւ 180 քկ): Այսպիսով, ան յաջողեցաւ ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար կէտեր ապահովել: Այս մրցաշարքը հայրենի ծանրաբարձներուն համար եղաւ վերջինը`...

Հայկական Ֆութպոլ. Արցախ Իր Դաշտին Վրայ Մրցումները Պիտի Կատարէ Գորիսի Մէջ Կառուցուող Նոր Ակադեմիային Մէջ

Զուիցերիահայ բարերարի մը նիւթական օժանդակութեամբ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ Գորիսի համայնքապետարանին միջեւ համագործակցութեամբ, շուտով կը սկսին Գորիս քաղաքի ֆութպոլի դաշտին հիմնանորոգման աշխատանքները: Գորիսի մէջ պիտի հիմնուի նաեւ ակադեմիա մը` մինչեւ 300 երեխայի համար: Այս ծրագիրին շրջանակներուն մէջ, սերտ համագործակցութիւն սկսած է նաեւ Արցախ ֆութպոլի ակումբին հետ: Նշուեցաւ, որ 1 մարտ 2019-ին կը սկի ծրագիրին առաջին հանգրուանը` Գորիսի ֆութպոլի դաշտին հիմնանորոգումը,...

«Էն. Պի. Էյ.».  Գործող Ախոյեան Ուորիըրզի 23-րդ Յաղթանակը. Քարի Նշանակեց 42 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.». Գործող Ախոյեան Ուորիըրզի 23-րդ Յաղթանակը. Քարի Նշանակեց 42 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երկու կէտի տարբերութեամբ` 129-127 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: Այս յաղթանակը անոր համար եղաւ տարեշրջանի 23-րդը: Սթեֆըն Քարի Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 42 կէտ: Ռասըլ Ուեսթպրուք Օքլահոմա Սիթի պարտուեցաւ Մինեսոթա Վուլվզէն (114-112), հակառակ անոր որ Փոլ Ճորճ նշանակեց 38...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Անգլիոյ Մէջ Վաղը Կ՛աւարտին Երթի Մրցումները

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեանց ծիրին մէջ, վաղը` չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբերին Անգլիոյ եւ Իտալիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան մրցումներ, հակառակ Ս. Ծննդեան տօնին յաջորդող օրը ըլլալուն: Անգլիոյ մէջ կը կատարուին 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները, իսկ Իտալիոյ մէջ` 18-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները: Անգլիոյ մէջ, արդէն իսկ Լիվըրփուլ հանդիսացաւ երթի ախոյեան` օգտուելով իր անմիջական մրցակիցին` Մանչեսթըր Սիթիի կրած պարտութենէն: Երթի ախոյեան...

Page 753 of 1278 1 … 752 753 754 … 1,278

Արխիւներ