
Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ եթէ ակումբի նախկին փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ վերադառնայ, ինք պիտի հեռանայ արքայական ակումբէն, այս գծով կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Սպանացի յետսապահը լարուած յարաբերութիւններ ունէր Մուրինիոյի հետ, երբ անոնք միասին էին Ռէալի մէջ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ պաշտօնանկ եղած 55 տարեկան Մուրինիօ պիտի վերադառնայ մատրիտեան կազմին` ստանալով տարեկան 20 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:


