Երէկ յետմիջօրէին «Ալեքսանտր» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) տրուած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Էլի Եահշուշի ներկայացուց իր ընտրացանկը, որ 5 յունուար 2019-ին պիտի մասնակցի Սաժես Պէյրութի ակումբի վարչութեան ընտրութիւններուն:
Մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան, ան պաշտօնապէս հրապարակեց իր ցանկը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անհատներէն.
Տենի Շըրապիէ, Ռամի Շիտիաք, Քամիլ Սաատէ, Սամիր Սալեհ, Էլի Ռըշտան եւ Ժորժ Պարաքեթ: Վերջինս, որ նախապէս եղած է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ, մամլոյ ասուլիսէն բացակայեցաւ` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեան եւ փոխատենապետ Մինաս Միսիրլեան:
Եահշուշի ըսաւ, թէ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որ այս ընտրութիւններուն յաջողի եւ դարձեալ ոտքի կանգնեցնէ Սաժես ակումբը, որ վայրէջքի մէջ է եւ գրեթէ երկու մասի բաժնուած:
Լուսանկարները Տրամադրեց
PROFOTO