
2013-ին աշխարհի եւ եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Դաւիթ Սաֆարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան մէկ օրուան ընթացքին:
Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, Սաֆարեան գրաւեց առաջին դիրքը` 70 քկ դասակարգին մէջ:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը չբերին Վալոդի, Ֆրանգուլեան, Գարիկ Բաղսեղեան, Լեւան Բերիանիցէ եւ Գէորգի Կեթոյեւ:
Տեղի ունեցան 57, 61, 65, 70, 74, 79, 86, 92, 97 եւ 125 քկ դասակարգի մրցումներ:


