«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ ակումբին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմսը ընտրեց տարուան լաւագոյն մարզիկը:
33 տարեկան ամերիկացին երրորդ անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ այս մրցանակին:
Քանի մը օր առաջ, վերոնշեալ լրատուական գործակալութիւնը տարուան լաւագոյն կին մարզիկը ընտրած էր ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզը: