Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Լեւոն Պաչաջեան մէկ տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին` Լինքոփինկի հետ, յայտնեց շուէտական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Այսպիսով, 35 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 2019 տարեշրջանին աւարտը մաս պիտի կազմէ իր խումբին:
Անոր կազմը ելոյթ կ՛ունենայ Շուէտի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Պաչաջեան, որ 2013-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Շուէտի մէջ, Հայաստանի հաւաքականին շապիկը կրած է` 2004-էն 2012 37 մրցումի ընթացքին նշանակելով 2 կոլ: