
Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Նազարեան լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ 2019-ին ժիւտոյի մարզաձեւը պիտի դասաւանդուի Հայաստանի տասը դպրոցներու մէջ:
«Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ոսկան Վարդանեան ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ որոշում տրուեցաւ այս մարզաձեւը դասաւանդելու Հայաստանի մէջ` առայժմ սկսելով տասը դպրոցներով:
«Առարկաները պիտի տրամադրուին միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ, մինչ մարզիչները ամսական պիտի ստանան 500 ամերիկեան տոլար», յայտնեց Նազարեան:
Յայտնենք, որ ժիւտոն ողիմպիական մարզաձեւ է:


