Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 29 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռաուտա Տըքուանէ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօր` 2018-ի գծով իրենց կատարելիք վերջին մրցումին, ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել, իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը: