Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 30 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, մինչ խումբին մարզիկներէն` արձանագրել իրենց 6-րդ յաղթանակը:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 29 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Ռիատին: