«Քալչիօ-Մերքաթօ» կը յայտնէ, որ Արսենալ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւասով:
Կը նշուի, որ լոնտոնեան ակումբը պատրաստ է անոր փոխանցման համար առաջարկել 16 միլիոն եւրօ:
Նկատի ունենալով, որ ան իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չ՛առնուիր, ան կ՛ուզէ անմիջապէս հեռանալ արքայական ակումբէն: