Մարզական

Ուսման Տեմպելէ 15 Օր Պիտի Բացակայի

Ուսման Տեմպելէ 15 Օր Պիտի Բացակայի

Պարսելոնայի ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Լեկանեսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (20-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, 15 օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ուսման Տեմպելէ                                                                 Քեւին - Փրենս Պոաթենկ Այլ գետնի վրայ, յայտարարուեցաւ, որ Սասուոլոյի ղանացի յառաջապահ Քեւին - Փրենս Պոաթենկ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Պարսելոնային: Անոր համար Պարսելոնա իտալական ակումբին պիտի...

Կլեն Ճոնսըն Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ, 34 տարեկան Կլեն Ճոնսըն պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կ՛աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 2001-ին` Ուեսթ Համի հետ: Ան մաս կազմած է բազմաթիւ ակումբներու (միայն Անգլիոյ մէջ), որոնց կարգին` Չելսի եւ Լիվըրփուլ:

Ռոնալտօ Մարսելոյին Կը Համոզէ Տեղափոխուիլ Եուվենթուս

Եուվենթուսին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ռէալ Մատրիտի իր նախկին խմբակիցին, պրազիլցի յետսապահ Մարսելոյին կը համոզէ տեղափոխուիլ իր մաս կազմած այժմու ակումբը: Հակառակ անոր որ Ռոնալտօ հեռացած է արքայական ակումբէն, բայց իր լաւ յարաբերութիւնները կը շարունակէ Մարսելոյի հետ: Նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտ մտադիր չէ բաժնուիլ Մարսելոյէն, հակառակ անոր որ ան վերջին շրջանին կորսնցուցած է իր հիմնական դիրքը: 30 տարեկան...

«Քալչիօ». Եուվենթուս Յաղթեց. Ռոնալտօ Փենալթի Մը Չկրցաւ Նշանակել

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի յետաձգուած երկու մրցումներու ընթացքին, Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան յաղթանակներ արձանագրեցին: Թէեւ Եուվենթուս 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քիեւոյի դէմ, բայց խումբին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ձախողեցաւ իր կազմին շնորհուած փենալթին կոլի վերածել: Ան Եուվէի հետ առաջին անգամ ըլլալով կը ձախողի փենալթին նպատակին հասցնելուն մէջ` նկատի ունենալով, որ նախապէս չորս այլ առիթներով ան նշանակած...

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Երեք Ֆութպոլիստներու Հետ

Արարատ - Երեւան պայմանագրութիւն մը կնքեց երեք ֆութպոլիստներու հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբին միացան ռուսական Ուրալի եւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Անտրէ Չուխլէյ, պիելոռուսական ՊԱԹԷ-ի նախկին մարզիկ, ուքրանացի միջնապահ Անտրէ Եաքովլեւ եւ Գանձասար - Կապանի նախկին սերպ միջնապահ Տեժան Վուքոմանովիչ: Անոնց պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 1 յունիս 2019: Խումբը 23 յունուարէն 3 փետրուար ուսումնամարզական...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Արտակարգ Նիստին Որոշումները

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` գլխաւոր նիւթ ունենալով Սաժեսի համակիրներուն կողմէ կատարուած խուլիկանութեան հարցը, Շանվիլի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք: Նիստին ներկայ եղան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Տումեթ Քալլապ (փոխնախագահ), Թոնի Խալիլ (ընդհանուր քարտուղար), Էլի Ֆարհաթ (գանձապահ), Շարպել Ռըզք եւ Ճորճ Սապունճեան (անդամներ): Ժողովականները նշեցին, որ այն, ինչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 103-95 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնեց Պիպլոսը` Ժիպէյլի Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ նախքան մրցումը արձանագրած էր 6 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ Պիպլոս` 4 յաղթանակ եւ 5 պարտութիւն: Ասկէ մեկնելով, երկու խումբերն ալ մրցումը սկսան բաւական զօրաւոր ձեւով` մրցումին ղեկը իրենց ձեռքերուն մէջ առնելու համար:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էներժի

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Էներժին: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է:  

Սաժես Հրապարակեց Պաշտօնական Հաղորդագրութիւն Մը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Սաժես - Շանվիլ մրցումէն ետք Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցան անկարգութիւններ` դաշտին տիրոջ համակիրներուն կողմէ: Սաժեսի նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ նոր նախագահ Էլի Եահշուշիի, գումարելէ ետք արտակարգ նիստ մը, յայտնեց որ իր ժողովները կը ձգէ բաց` տեղի ունեցած այդ անկարգութիւններուն գծով հետաքննութիւնները շարունակելու համար: Սաժեսի վարչութիւնը յայտնեց,...

Հեծելարշաւ. Քլարա Թանիոս Միացաւ Լիբանանի Ազգային Խումբին

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Քլարա Թանիոս (18 տարեկան) միացաւ Լիբանանի ազգային խումբին` անոր հետ իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային տարբեր տեսակի մրցաշարքերու: Նշենք, որ 2014-էն ի վեր Թանիոս ֆրանսական եւ միջազգային ախոյեանութիւններու ընթացքին տիրացած է տարբեր տեսակի տիտղոսներու: Բնականաբար, Լիբանանի ազգային խումբին անոր միանալը աւելի պիտի գայ զօրացնելու կազմը, որ 2019-ին կը ձգտի յաւելեալ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Սերենա Ուիլիըմզ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Աշխարհի Թիւ 1 Դասուած Սիմոնա Հալեփը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Սերենա Ուիլիըմզ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Աշխարհի Թիւ 1 Դասուած Սիմոնա Հալեփը

Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, աղջկանց Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ աշխարհի թիւ 1 դասուած Սիմոնա Հալեփ (Ռումանիա)` դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 6-1, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 16-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզէն: Անոնց միջեւ ճակատումը տեւեց 1 ժամ 47 վայրկեան: Գ. հանգրուանին Հալեփ յաղթած էր Սերենայի քրոջ` Վինըսին: Սերենա...

Արթուր Սարգիսով Չուզեց Մասնակցիլ Ազրպէյճանական Կազմին Դէմ Կատարուած Մրցումին

Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Քրասնոյարսքի Ենեսէյը ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ ազրպէյճանական Կապալայի դէմ եւ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին 4 կոլերն ալ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով չուզեց իր մասնակցութիւնը բերել ազրպէյճանական խումբին դէմ կատարուած այս մրցումին, հակառակ անոր որ ան կը մարզուի ռուսական ակումբին հետ: Իսկ Ենեսէյի ռուս բերդապահ Տաւիտ...

Աթլեթիզմ. Լեւոն Աղասեան Հանդիսացաւ Առաջին` Ղազախստանի Մէջ

Հայաստանի յառաջատար աթլեթներէն Լեւոն Աղասեան առաջին դիրքը գրաւեց Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած եռացատկի միջազգային մրցաշարքին: Կապանցի մարզիկը արձանագրեց 16,63 մեթր արդիւնք մը յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:

«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ, Վուլվզ Եւ Փէյսըրզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած երեք մրցումներէն երկուքին յաղթանակներ արձանագրեցին հիւրընկալ կազմերը, մինչ երրորդին Սան Անթոնիօ Սփըրզ 103-95 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն: Տերիք Ռոզ Ինտիանա Փէյսըրզ 120-95 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Շարլոթ Հոռնեթցին, մինչ Մինեսոթա Վուլվզ կողովի մը տարբերութեամբ (116-114)` Ֆէոնիքս Սանզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տերիք Ռոզ նշանակեց 31 կէտ:...

Փոլ Սքոլզ` Դ. Դասակարգի Խումբի Մարզիչ

«Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Փոլ Սքոլզ պիտի գլխաւորէ անգլիական Դ. դասակարգի խումբերէն Օլտհեմ ակումբը: Օլտհեմ եղած է 44 տարեկան Սքոլզի մանկութեան խումբը, որ այժմ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 39 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը: Սքոլզ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2013-ին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Շանվիլ Եւ Ռիատի` Յաղթական Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), Պիպլոս կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ, որ կատարած է 8 մրցում եւ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն: Իսկ Պիպլոս, որ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը, արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած...

Levam New Logo

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումներուն առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 յունուար 2019-ին, Պուրճ Համուտի  ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Մրցումներուն երկրորդ հանգրուանը պիտի շարունակուի շաբաթ, 26 յունուարին: Ստորեւ կը ներկայացնենք արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները եւ յառաջիկայ շաբաթ օրուան յայտագիրը. Ա. Հանգրուան                Մինի ֆութպոլի Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ի արդիւնքները 2001/2002/2003 Մեսրոպեան - Հայ աւետարանական...

Ճատրակ.  Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանները Յստակացան

Երէկ` կիրակի, 20 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ աւարտեցան Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութիւնները: Ժամանակէն շուտ Հայաստանի ախոյեանի տիտղոսը ապահոված Արման Փաշիկեան վերջին` 9-րդ հանգրուանին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տիգրան Յարութիւնեանի հետ եւ մրցաշարքը աւարտեց 6,5 կէտով: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայկ Մարտիրոսեան (5,5 կէտ), որ այսպիսով չկրցաւ պաշտպանել ախոյեանի կոչումը: Երրորդ դիրքը գրաւեց (5 կէտով) Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք

- Տիտղոսակիր Ֆետերեր Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն - Շարափովա Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեց Պարթիէն Տղոց թենիսի աշխարհի դասաւորման երրորդ դիրքը գրաւող եւ տիտղոսակիր Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա) երէկ` կիրակի, 20 յունուարին չկրցաւ ապահովել Աւստրալիոյ թենիսի կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականին իր տոմսը, երբ 7-6, 6-7, 5-7 եւ 6-7 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Յունաստանի ներկայացուցիչ, 20 տարեկան Սթեֆանոս Ցիցիփասէն: Սթեֆանոս Ցիցիփաս...

«Քալչիօ». Քոլոմպիացի Զափաթա Նշանակեց 4 Կոլ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, Աթալանթա, որ հիւրը եղաւ Ֆրոսինոնէին, 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Տիւվան Զափաթա (Քոլոմպիա), որ նշանակեց 4 կոլ (44-րդ, 47-րդ, 64-րդ եւ 73-րդ), այսպիսով հաւասարեցաւ կոլ-սքորըրներու պարագլուխի դիրքը գրաւող Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին (Եուվենթուս), որ նշանակած է 14 կոլ: Եուվենթուս իր մրցումը կը կատարէ այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Քիեւոյի...

Page 744 of 1278 1 … 743 744 745 … 1,278

Արխիւներ