Պարսելոնայի ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Լեկանեսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (20-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, 15 օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը:

Այլ գետնի վրայ, յայտարարուեցաւ, որ Սասուոլոյի ղանացի յառաջապահ Քեւին – Փրենս Պոաթենկ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Պարսելոնային:
Անոր համար Պարսելոնա իտալական ակումբին պիտի վճարէ 2 միլիոն եւրօ:
Յառաջիկային Պարսելոնա եթէ ուզէ գնել 31 տարեկան Պոաթենկը, անոր փոխանցման համար պէտք է վճարէ 8 միլիոն եւրօ:
Ան այս տարեշրջանին Իտալիոյ ախոյեանութեան 13 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ: