Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` գլխաւոր նիւթ ունենալով Սաժեսի համակիրներուն կողմէ կատարուած խուլիկանութեան հարցը, Շանվիլի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք:
Նիստին ներկայ եղան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Տումեթ Քալլապ (փոխնախագահ), Թոնի Խալիլ (ընդհանուր քարտուղար), Էլի Ֆարհաթ (գանձապահ), Շարպել Ռըզք եւ Ճորճ Սապունճեան (անդամներ):
Ժողովականները նշեցին, որ այն, ինչ որ կատարուեցաւ Սաժեսի համակիրներուն կողմէ, վտանգաւոր արարք մըն է:
Ասկէ մեկնելով, Սաժես 500 կէտ տուգանքի ենթարկուեցաւ (12.500.000 լիբանանեան ոսկի):
Բոլոր անոնք, որոնք յարձակեցան դաշտերու ապահովութեան հսկող անձերուն, Ճորճ Սապունճեանի եւ Աթեր Մաճոքի վրայ, ցմահ պիտի կախակայուին դաշտ մուտք գործելէ եւ անոնց դէմ դատական հարց պիտի յարուցուի:
Սաժես նուազագոյնը մէկ մրցումով կախակայուեցաւ եւ անոր նոր վարչութեան թելադրուեցաւ յառաջիկային զսպել իր համակիրները` նմանօրինակ վտանգաւոր արարքներու առաջքը առնելու համար:
Ֆետերասիոնը Սաժեսէն պահանջեց այդ արարքը կատարողներուն անունները անմիջապէս յանձնել իրեն:
Պահանջուեցաւ նաեւ, որ Սաժեսի վարչութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առնէ Դիմատետրի վրայ ակումբին անունով գործող բոլոր էջերը:
Ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը պիտի տեսակցի արդարադատութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, ինչպէս նաեւ զինուորական պատասխանատուներու հետ, որպէսզի անոնք պէտք եղած աշխատանքները կատարեն` ձերբակալելու համար օրինազանցները: