Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Քլարա Թանիոս (18 տարեկան) միացաւ Լիբանանի ազգային խումբին` անոր հետ իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային տարբեր տեսակի մրցաշարքերու:
Նշենք, որ 2014-էն ի վեր Թանիոս ֆրանսական եւ միջազգային ախոյեանութիւններու ընթացքին տիրացած է տարբեր տեսակի տիտղոսներու:
Բնականաբար, Լիբանանի ազգային խումբին անոր միանալը աւելի պիտի գայ զօրացնելու կազմը, որ 2019-ին կը ձգտի յաւելեալ տիտղոսներ ձեռք ձգել: