Շանվիլ Եւ Ռիատի` Յաղթական
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), Պիպլոս կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ, որ կատարած է 8 մրցում եւ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:
Իսկ Պիպլոս, որ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը, արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 5 պարտութիւն:
ՀՄԸՄ-ի կազմէն այսօր ամէն գնով կ՛ակնկալուի յաղթանակ մը արձանագրել:
Նշենք, որ այս հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ռիատի յաղթեց Հուփսին (119-85), մինչ Շանվիլ` Սաժեսին (99-66):
Սակայն, երէկ տեղի ունեցած Սաժես – Շանվիլ մրցումին, Աթեր Մաճոք (Շանվիլ), որ յարձակեցաւ Մարք Քորճեանին (Սաժես) վրայ, դաշտէն դուրս վտարուեցաւ Ալաէտտին Արնաութի (Սաժես) հետ միասին:
Մրցումէն ետք, Սաժեսի համակիրները դիմեցին վայրագութիւններու: Անոնք յարձակեցան դաշտին ապահովութեան հսկող անձերուն վրայ:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սաժեսի վարչութեան ընտրութիւններուն յաղթական դուրս եկաւ Էլի Եահշուշիի գլխաւորած ցանկը:
Ստորեւ` ընտրուած եօթը անձերուն ապահոված ձայները.
Էլի Եահշուշի (147), Ժորժ Պարաքեթ (160), Տենի Շրապիէ (162), Էլի Ռըշտան (142), Ռամի Շիտիաք (139), Քամիլ Սաատէ (153) եւ Սամիր Սալեհ (143):
 
			



